2013-10-28 14:22:32

Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի զեկուցումը` Հռոմի քահանայապետական արեւելեան հաստատութեան, 2013-2014 ակատեմական տարեշրջանի բացման առթիւ։


Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը իր երկարաշունչ զեկուցումին ընթացքին իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց քահանայապետական արեւելեան հաստատութեան տածած մեծ աշխատանքին համար՝ հանդէպ արեւելեան եկեղեցիներու, աստուածաբանութեան ու ծիսակատարութեան մարզերուն մէջ, որոնք կը նպաստեն կաթողիկէ եւ քոյր եկեղեցիներուն մօտեցումին համամիութեան հեռանկարով։

Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը կը խրախուսէ Արեւելեան եկեղեցիները հաւատարիմ մնալու իրենց աւանդութիւններուն ու ծէսին։ Այդ ուղղութեամբ ժողովական հայրերը կը խնդրեն ոչ մէկ կամայական փոփոխութիւն ներմուծել իրենց աւանդութիւններուն ու ծէսին մէջ ''եթէ ոչ իրենց ուրոյն եւ համաձոյլ յառաջդիմութեան պատճառով''։

Կարտինալ Սանտրի իր զեկոյցին ընթացքին խօսեցաւ Արեւելեան եկեղեցիներու յառաջիկայ լիանիստ ժողովի մասին, որ տեղի պիտի ունենայ առաքելական պալատին մէջ, 19-21 նոյեմբեր, եւ որուն պիտի մասնակցին Արեւելքի բոլոր պատրիարքներն ու աւագ եպիսկոպոսապետետրը, որուն առաջին մասը յատկացուած է ծիսակատարութեան ու Աստուծոյ ժողովուրդին կազմաւորումին։
Լիանիստ ժողովի ընդհանուր նիւթն է. ''կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիները եւ վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովին 50-րդ տարեդարծը'', ստորաբաժանուած հինգ մասերու.
Առաջինը` Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի բերած նորութիւնները Կաթողիկէ Արեւելքի մօտ։
Երկրորդ` Տիեզերական ժողովին բերած նորութիւնները վարդապետական եւ կանոնական մարզերուն մէջ։
Երրորդ` տիեզերական եկեղեցւոյ աճող զգայնութիւնը հայող արեւելցի կաթողիկէներուն եւ արեւելեան եկեղեցւոյ։
Չորրորդ` կապը արեւելեան եկեղեցիներու նուիրապետութիւններու ու լատին եկեղեցւոյ հետ։
Հինգերորդ` արեւելցիները սփիւռքի մէջ։

Կարտինալ Սանտրի իր զեկուցումին աւարտին յայտնեց որ 21 նոյեմբերին Վատիկանի մէջ վեհաժողով մը կը գումարուի Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի մասին, ներկայութեամբ ֆրանչիսկոս Քահայանապետի, Արեւելքի պատրիարքներու ու աւագ եպիսկոպոսապետերու։
Սուրիոյ մասին վեհաժողովը առիթ մըն պիտի հանդիսանայ խորհրդածելու Սուրիոյ, Ս. Երկրի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան իրական կարելիութիւններու մասին եւ հասարակաց աղօթք մը բարձարացնելու Ամենակալին, Միջին Արեւելքի հարստահարուած քրիստոնեաներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.